Իսրայէլի Հայֆա քաղաքին մէջ բացուած է «Հայոց ցեղասպանութեան» հրապարակը

2023-03-22
Image

2023 թուականի 20 մարտին Իսրայէլի Հայֆա քաղաքի կեդրոնին մէջ բացուած է Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակը, յայտնած են Երուսաղէմի Հայ դատի գրասենեակէն։

Միջացառումը տեղի ունեցած է՝ հակառակ Թէլ Աւիւի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մեծ ճնշման։ Միջոցառման ներկայ գտնուած են Հայֆայի քաղաքապետ Էյնաթ Քալիշ-Ռոթեմը, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Յակոբեանը, հոգեւորականներ, Իսրայէլի եւ Հայֆայի տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ։

Այս ամսուան սկիզբը Հայֆայի քաղաքային խորհուրդը միաձայն քուէարկած է 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու եւ քաղաքին մէջ զոհերու յիշատակին յուշարձան կանգնեցնելու օգտին:

Հայֆան այսպիսով կը դառնայ Իսրայէլի երկրորդ քաղաքը, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը Փեթահ Թիքվայէն ետք (Թէլ Աւիւէն արևելք), ուր 2020 թուականի ապրիլին բացուած է զոհերու յուշահամալիրը։

Իսրայէլի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը պահանջած էր երկրի կառավարութենէն արգիլել յուշարձանի տեղադրումը Հայֆայի մէջ։