Կիպրոս իր տուած այցելութեան ընթացքին Զարեհ Սինանեան այցելութիւն տուած է Մելգոնեան Վարժարան

2019-08-31
Image

 «Ռամկավար Մամուլ», Կիպրոս.- Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Կիպրոս կատարած պաշտօնական այցելութեան վերջին օրը հանդիպում ունեցած է համայնքային գործիչներու հետ:

«Ռամկավար Մամուլ»  այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Կիպրոսէն։

Մեր աղբիւրին  հաղորդմամբ ներկայացուցիչներու  պալատին մէջ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը հանդիպման մեկնարկին ներկայացուցած է կառոյցներու գործունէութիւնն ու ընթացիկ աշխատանքները: Այնուհետեւ ներկաները մէկ ժամէն աւելի հարցեր ուղղած են Զարեհ Սինանեանին` հետաքրքրուելով գրասենեակի գործառոյթներու, ծրագիրներու, Հայաստան-Սփիւռք աշխատանքի նոր ուղղութիւններու, արեւմտահայերէնի պահպանման վերաբերեալ:

Հանդիպման ընթացքին, Զարեհ Սինանեան բնորոշելով կիպրահայ համայնքը, ըսած է՝ պետութեան լիակատար աջակցութիւնը վայելող, հայախօս ու բացառիկ կերպով ինքնութեան կառչած համայնք:

 

1

 

Այցի նախավերջին օրը Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը այցելած է հայկական «Նարեկ» վարժարան, տնօրէն Վերա Թամրազեանի ուղեկցութեամբ շրջած եւ ծանօթացած է կրթական հաստատութեան պայմաններուն ու ծրագիրներուն:

 

2

 

Զարեհ Սինանեանը բարձր գնահատած է դպրոցի դերը համայնքի կեանքին եւ  դերակատարութիւնը հայ ինքնութեան պահպանման մէջ: Այնուհետ յանձնակատարն այցելած է նաեւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի եւ  եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան:

 

4

 

Աշխատանքային այցի վերջին օրը Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը այցելած է Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն, շրջած ու ծանօթացած վարժարանի ներկայիս կարգավիճակին: Ամբողջ շրջայցի ընթացքին կը տիրէր այն զգացումը, որ որքան ալ վարժարանի տարածքն ու շինութիւնները տպաւորիչ են իրենց չափերով եւ վեհութեամբ, այնքան ալ տխուր են ու խորհրդաւոր իրենց դատարկութեամբ։ Պահ մը նոյնիսկ երազի պէս դասարաններն ու խաղահրապարակը, հանդիսասրահն ու հանրակացարանները պատկերուեցան կեանքով, կայտառ աշակերտներով եւ ուսուցիչներով։ Զարեհ Սինանեանը նշեց` ցաւալի է, որ Մելգոնեանի միջանցքները դատարկ են, իսկ դասարանները` պարապ, 2005 թուականէն, եւ մարդիկ շունչերնին պահած կը սպասեն խնդրի հանգուցալուծման։

 

3