Հրանդ Տինքի հարցով սահմանադրական դատարանը դարձեալ մերժած է փաստաբաններու հայցը
Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով որոշ պետական պաշտօնեաներու դէմ մեղադրանքները հանելու դատարանի որոշման դէմ Տինքի փաստաբաններու հայցը։
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս»–ը, Տինքի փաստաբանները դեռ 2016–ին դիմած էին Սահմանադրական դատարան՝ Հրանդ Տիքնի սպանութեան գործով պետական պաշտօնեաներ Էրկիւն Կիւնկէօրի, Ուելի Քիւչուքի եւ Քեմալ Քերինչսիզի նկատմամբ մեղադրանքները դատարանի կողմէ հանելու դէմ:
Սահմանադրական դատարանն ալ մերժած է Տինքի փաստաբաններու հայցը՝ շեշտելով, թէ դատական գործընթացը դեռ կը շարունակուի։
Տինքի փաստաբանները մտադիր են հայցը տեղափոխել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան։