Ուաշինկթընի Ռէտմոնմ քաղաքի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին յարձակումի ենթարկուած է

2020-05-04
Image

Վանտալիզմի դատապարտելի դէպք մը գրանցուած է Միացեալ Նահանգներ Ուաշինկթըն նահանգին մէջ։

Այս  մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»ը, յղում ընելով Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի Առաջնորդարանի  մօտիկ աղբիւրին:

Ուաշինկթընի Ռէտմոնմ քաղաքին մէջ գործող միակ հայկական եկեղեցին օրեր առաջ ենթարկուած է յարձակման, որուն հետեւանքով ալ վանտալիզմի հեղինակները կոտրած են Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանի ետին գտնուող  ապակեայ պատուհանի ապակիները։

Եկեղեցւոյ  պատասխանատուները, որ դէպքին մասին զեկուցած են տեղի իրաւապահ մարմիններուն նաեւ նկատած են, որ  սադրիչները  ջարդելու համար եկեղեցւոյ ապակիները օգտագործած են եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանին սալահատակ-քարերը։

Եղածին վերաբերեալ բացուած է հետաքննութիւն, իսկ շրջանի հայկական մարմիններ խստաոճ հաղորդագրութիւններ հրապարակած են եղածին վերաբերեալ։

Նշենք, որ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին  միակն է Սիաթըլ քաղաքին մերձ գտնուող Ռէտմոնտ շրջանին մէջ, իսկ այդ հատուածին մէջ կ՚ապրին շուրջ 3 հազար հայ ընտանիքներ։

 

<a class=

<a class=