Պոլսոյ Պատրիարքին եւ Կարօ Փայլանին միջեւ հեռակայ վէճ

2020-05-29
Image

Պատրիարքական ընտրութիւններէն շուրջ կէս տարի անց, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը ու Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը հեռակայ բանավէճի բռնուած են ընտրութիւններու օրինականութեան հարցի շուրջ:

Օրերս Փայլան կրկին յայտարարած էր, թէ չի ճանչնար Մաշալեան արքեպիսկոպոսը, որպէս պատրիարք, ընտրական գործընթացը համարելով անարդար:

Սահակ երկրորդ պատրիարքը, հակադարձելով Փայլանին, նախօրէին իր ֆեյսպուքեան էջին վրայ գրած է, որ ինք ընտրուած է արդար պայքարով, ստանալով քուէարկող պատուիրակներու ձայներու մեծամասնութիւնը: Ան նաեւ շեշտած է, որ պատրիարք ընտրուելու կապակցութեամբ շնորհաւորանքներ ստացած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարութիւններէն, հոգեւոր եւ աշխարհիկ բարձրաստիճան այրերու կողմէն, որոնք ոչ մէկ կասկած չեն յայտնած ընտրութեան արդիւնքներու օրինականութեան վերաբերեալ:

Յիշատակելով իր նախորդին՝ Մեսրոպ Մութաֆեան պատրիարքին եւ Հրանդ Տինքի միջեւ եղած հակասութիւնները, Սահակ Մաշալեան ցաւով արձանագրած է, որ Փայլանի այսպիսի դիրքորոշումը կրնայ պառակտիչ ազդեցութիւն ունենալ ներհամայնքային կեանքին վրայ: Այնուհանդերձ, Մաշալեան պատրիարք կը յուսայ, որ «յետդարձի ճանապարհ դեռ կայ, եւ Փայլան չէ այրած բոլոր կամուրջները»:

Ի պատասխան՝ Կարօ Փայլան գրած է, թէ ուղղուած քննադատութեան նպատակը Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը աւելի ուժեղ տեսնելն է: Ան նշած է, որ այս դժուարին ժամանակաշրջանին, կործանիչ բանավէճերը հայ համայնքին ամենաքիչը պէտք են, առաջարկելով ուժերը կեդրոնացնել կուտակուած համայնքային խնդիրներու լուծման վրայ:

12 տարի սպասելէ յետոյ, անցեալ տարուայ դեկտեմբերին Սահակ Մաշալեան հոգեւոր ու աշխարհական պատուիրակներէն կազմուած Ազգային պատգամաւորական ժողովի կողմէն ընտրուեցաւ Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարք: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ նոր պատրիարքի ընտրութեան համար ուղարկուած կանոնադրութեան համաձայն՝ պատրիարքի թեկնածու կրնային ըլլալ միայն Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին ենթակայ եպիսկոպոսները: Այս սահմանափակումով խոչընդոտուած էր Թուրքիայէն դուրս ծառայող շարք մը եպիսկոպոսներու առաջադրուելու հնարաւորութիւնը, ինչ որ դժգոհութեան ալիք բարձրացուցած էր պոլսահայ համայնքին մէջ: