Պոլսոյ հայկական եկեղեցւոյ դրան վրայէն խաչը կոտրած անձը ձերբակալուեցաւ
Պոլսոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է երկու օր առաջ Սկիւտարի հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դրան վրայէն խաչը պոկող անձը։
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս»–ը, ոստիկանութիւնը ուսումնասիրած է մօտ 200 տեսագրութիւններ եւ պարզած, որ տղամարդը խաչը պոկելէն եւ նետելէն յետոյ քալած է մօտ 7 քմ. եւ հասած իր տուն։ Զինք անմիջապէս ձերբակալած են։
Եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Էտուարտ Այվազեան դէպքի մասին տեղեկացուցած էր անձամբ Սկիւտարի ոստիկանապետին։ Վերջինս խոստացած էր ամենասեղմ ժամկէտին յայտնաբերել յանցագործը։