Սթրազպուրկի հայ քաղաքապետը կը ֆինանսաւորէ թուրքերը, որ կառուցեն Եւրոպայի ամենամեծ մզկիթը (տեսանիւթ)

2021-03-26
Image

Եւրոպայի քաղաքական մայրաքաղաքի՝ Սթրազպուրկի հայ ղեկավար Ժաննա Բարսեղեանը հիասթափեցուցած է ոչ միայն Ֆրանսայի հայ համայնքը, այլեւ երկրի քաղաքական դաշտը. 22 մարտին Սթրազպուրկի քաղաքային խորհուրդն առաջին քուէարկութեամբ որոշած է իր պիւտճէէն 2,5 միլիոն եւրօ տրամադրել Էրտողանին ենթակայ «Միլլի Կէորուշ» թրքական իսլամական ընկերակցութեան՝ Սթրազպուրկի մէջ Եւրոպայի ամենամեծ մզկիթը կառուցելու նպատակով:

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Ժերար Տարմանէնը մեղադրած է հայ քաղաքապետը, թէ ինչպէս կը սատարէ ընկերակցութեան մը, որն այս յունուարին հրաժարած է ստորագրել Ֆրանսայի կառավարութեան մշակած հայեցակարգը՝ ուղղուած իսլամիստ ծայրայեղականներու գործունէութեան դէմն առնելուն: Ան ըսած է, որ ֆրանսացիները պիտի հասկնան՝ Ֆրանսայի տարածքին մէջ չի կրնար հովանաւորուիլ որեւէ դաւանանք: Բացի այդ՝ թրքամէտ այդ կազմակերպութիւնը, հայեցակարգը չստորագրելով, չի պաշտպաներ Ֆրանսայի որդեգրած արժէքները:

Ժերար Տարմանէնը նաեւ կոչ ըրած է Պա-Ռենի ոստիկանապետին, որ դիմէ դատարան՝ Սթրազպուրկի քաղաքապետարանի այս որոշման օրինականութեան հարցը պարզելու համար: Իր հերթին ոստիկանապետ Շվալիէն մեղադրած է Ժաննա Բարսեղեանը՝ Ֆրանսայի նախագահին սխալ տեղեկութիւն փոխանցելու համար.

«Տիկին քաղաքապետ, Դուք ճիշդ չէք նշած, թէ ոստիկանապետը չէ յայտնած իր մտահոգութիւնը մզկիթի ֆինանսաւորման հարցով: Ես անձամբ մի քանի անգամ այդ մասին Ձեզի ըսած եմ: Հայցս վարչական դատարանի մօտ է արդէն»:

Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ: