«Աւրորա»-ի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ

«Աւրորա» համաժողովի մասնակիցները 20 Հոկտեմբերին, այցելած են Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Աւրորա»-ի ֆէյսպուքեան էջը:
«Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ թանգարան-հիմնարկ այցի ընթացքին «Աւրորա» համաժողովի մասնակիցները յարգանքի տուրք մատուցանեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: «ATP» բարեգործական հիմնադրամի եւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համատեղ ջանքերով իրականացուեցաւ «Յիշատակի ծառատունկ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ «Աւրորա» ամենամեայ մրցանակի չորրորդ դափնեկիր ճանչցուած է «Օդային կամուրջ Իրաք» (LuftbrückeIrak) կազմակերպութեան համահիմնադիր եւ ղեկավար Միրզա Տինային: Մարդասիրական մղումներէ դրդուած` Տինայի, յաղթահարելով դիւանակալային եւ ճանապարհային բազմաթիւ խոչընդոտներ, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող բազմաթիւ հակամարտութիւններու ընթացքին կրցած է օգնել ծանր կացութեան մէջ մատունած եզիտիներու: Միրզան 2019-ին «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր հռչակուեցաւ «Աւրորա» համաժողովի ծիրին մէ, Հոկտեմբեր 19-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին:
Միրզա Տինայի պիտի ստանայ 1,000,000 տոլարի պարգեւ, որով ան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ շարունակելու մարդասիրութեան շղթան` աջակցութիւն ցուցաբերելով ժամանակին իրեն ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն: Ան ընտրած է երեք կազմակերպութիւն, որոնք բժշկական օգնութիւն եւ վերականգնողական ծառայութիւններ կը տրամադրեն «Իսլամական պետութեան» կողմէ ահաբեկչութենէն տուժածներուն: Այդ կազմակերպութիւններն են.
LuftbrückeIrak Irak կազմակերպութիւն («Oդային կամուրջ Իրաք»)
«Սիտ» հիմանդրամ (SEED Foundation)
«Շայ» հիմնադրամ (ShaiFund):
«Աւրորա» մրցանակը կը տրուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունէն` ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն: