«Եթէ աշխատանքները ձգձգուին, ապա ձմրան մօտ դիերը կը փտին». Կարմիր խաչի ղեկավարը պատմած է ԼՂ-ի մէջ զոհերու մարմիններու որոնման աշխատանքներու բարդութիւններու մասին

2020-11-24
Image

Կարմիր Խաչիր միջազգային կոմիտէի ղեկավար Փեթէր Մաուրերը յայտարարած է, որ այժմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կողմերը իրենց ենթակայութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ զոհուածներու դիերու որոնողական աշխատանքներ կ'իրականացնեն, սակայն շփման գիծի երկայնքով, ուր մարտեր ընթացած են ու ականներ պայթած, դժուար է մարմիններ գտնելը, գրած է lenta.ru կայքը: 

 Մաուրերը պարզաբանած է, որ այդ գործին մէջ կայ արմատաւորուած ընթացակարգ, ըստ որու՝ մարմինները արժանապատուօրէն դուրս կը բերուին, կը ճանչցուի անոնց ինքնութիւնը, ու այնուհետեւ դիերը կը փոխանցուին հարազատներուն:

 Մաուրերի խօսքով, եթէ այս աշխատանքները ձգձգուին, ապա ձմրան մօտ դիերը կը փտին, որ կը բարդացնէ մարմիններու ճանաչման գործընթացը: Բացի այդ, ատոր հետեւանքով կրնայ հողի վարակում տեղի ունենալ:

 Նշուած է, որ այժմ Կարմիր խաչը կը պատրաստուի Ղարաբաղի մէջ իր աշխատակիցներու թիւը մեծցնել:

 «Մեր ներկայութիւնը չորս անգամ պիտի մեծցնենք: Բաւականին քիչ մարդիկ ունեցած ենք այնտեղ: Այժմ կը ծրագրենք յաւելեալ 400-500 մարդ ուղարկել այդ տարածաշրջան»,- ընդգծած է յանձնաժողովի ղեկավարը՝ աւելցնելով, որ այդ ուղղութեամբ յատկացուող ֆինանսաւորումը նոյնպէս աւելցած է՝ 11 միլիոնէն հասցուելով 49,4 միլիոն տոլարի: