«Իմ քայլը» հիմնադրամը ամանորեայ հեքիաթ կազմակերպած է Լոռի բնակող շուրջ 340 արցախցի երեխայի համար

Լոռի բնակող արցախցի ընտանիքներ ու զոհուած, վիրաւոր լոռեցիներու շուրջ 340 երեխայ 29 դեկտեմբերին Յովհաննէս Աբէլեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ հնարաւորութիւն ունեցան մասնակից ըլլալու ամանորեայ հեքիաթի:
Այս մասին կը տեղեկացնէ «Իմ քայլը» հիմնադրամը՝ նշելով, որ բոլոր բալիկները ստացան նաեւ ամանորեայ նուէրներ:
Յիշեցնենք, որ «Իմ քայլը» բարեգործական հիմնադրամն Արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած, վիրաւորում ստացած, անհետ կորած կամ գերեվարուած զինվորներու, ինչպէս նաեւ պատերազմի հետեւանքով Արցախի Հանրապետութենէն ՀՀ տեղափոխուած ընտանիքներու 6-12 տարեկան շուրջ 5000 երեխայի համար կը կազմակերպէ ամանորեայ միջոցառումներ: