«Կը կարծեմ` այժմ Հայաստանին մէջ ներդրումներ կատարելու շատ յարմար պահ է». Ուինսընթ Լեհներ

Վերջին մէկ տարուան ընթացքին Ամերիապանքը եւ Սիմպիոթիքսը երկու ստորադաս վարկային պայմանագիր կնքած են, որոնց ներքոյ տրամադրուող ֆինանսական միջոցները պիտի ուղղուին հայաստանեան ձեռնարկութիւններու, առաջին հերթին` փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու աջակցութեան:
Ամերիապանքը հիւրընկալած էր Սիմպիոթիքս ընկերութեան Շուկաներու բաժանմունքի ղեկավար Ուինսընթ Լեհները. «Կը կարծեմ` այժմ Հայաստանին մէջ ներդրումներ կատարելու շատ յարմար պահ է. Հայաստանը շատ լաւ հիմք է մեզի եւ մեր ձեռնարկութիւնը զարգացնելու համար:
Մենք ներդրումներ կը կատարենք յանուն ապագայի. յանուն պանքի, երկրի, ինչպէս նաեւ մեր ընկերութեան` Սիմպիոթիքս-ի ապագայի: Ամերիան հիանալի գործընկեր է: Մեր համագործակցութիւնն իսկապէս կ'ապացուցէ, որ մենք նոյն ուղղութեամբ կը շարժինք, նոյն նպատակները կը հետապնդենք, միասին կրնանք հասնիլ ցանկալի արդիւնքներու եւ աջակցիլ ձեռնարկութիւններուն»: