«Հայաստան» հիմնադրամը Արցախի համար հաւաքած է 67 000 ԱՄՆ տոլար

2020-09-28
Image

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը շուրջ 67 000 ԱՄՆ տոլար հաւաքագրած է՝ «Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար» դրամահաւաքի շրջածիրէն ներս:

Աւելի վաղ հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը ֆեյսպուքեան իր էջին տեղեկացուցած էր, որ հիմնադրամի կայքը մեծ յարձակման տակ է։

«Մեր մասնագէտներու ու հայ ճարտարապետներու ցանցի ջանքերով այն չէ վնասուած: Յուսանք շուտով ամէն ինչ կը լուծուի եւ կը կարողանաք ձեր նուիրատւութիւնները կատարել: Պատերազմ է թէ առաջնագիծին, թէ տեղեկատուական դաշտին մէջ»,- գրած էր Արշամեանը։