«Հրաշք եւ երազանքներ» . Լոյսերու փառատօն Լիոնի մէջ (Լուսանկարներ)

2019-12-07
Image

Լիոնի մէջ մեկնարկած է «Հրաշք եւ երազանքներ» խորագով լոյսերու յայտնի փառատօնը, որ կ'ազդարարէ Սուրբծննդեան տօնակատարութիւններու սկիզբը: Առաջիկայ չորս օրերու ընթացքին ֆրանսական քաղաքի հանրային յուշարձանները, արձանները երեկոյեան ժամերուն  պիտի լուսաւորուին, իսկ փողոցները պիտի լեցուին արուեստի գեղեցիկ ու լուսաւոր կենդաանի արուեստով եւ ձայնային ստեղծագործութիւններով,  որոնց թիւը պիտի հասնի մօտ 65-ի:

Յայտնի աւանդոյթի եւ արհեստագիտական նորարարութիւններու միջեւ ինկած ժամանակաշրջանին Լոյսերու փառատօնը մեծ իրադարձութիւն է Լիոնի մէջ, -կը գրէ «Ռամկավար Մամուլ»ի Լիոնի աշխատակիցը, նշելով, որ այս օրերուն Լիոնի փողոցներով շրջող մարդիկ կ'ըմբոշխնեն մոգական մթնոլրտը եւ կը յագենան քաղցր յոյզերով եւ բանաստեղծութեամբ:

Լուսաւորման երիտասարդ ձեւաւորողներ ամէն տարի իւրայատուկ ձեւաւորումներ կը ստեղծագործեն, որոնք Լիոնի փառտօնին առաջին անգամ ներկայացուելէ ետք, կը ցուցադրուին նաեւ ամբողջ աշխարհով մէկ:

Նշենք, որ Լոյսերու փառատօնի աւանդոյթը ձեւաւորուած է 1852 թուականի Դեկտեմբեր 8-էն, երբ քաղաքի բնակիչները վառող մոմեր տեղադրած են գունաւոր ապակեայ խորունկ ամաններու մէջ, որոնք տեղադրած են իրենց տուներու պատուհաններուն առջեւ:

 

1

 

2

 

5

 

6

 

7

 

8

 

9

 

10

 

11

 

12

 

13