«Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար». դրամահաւաք-արշաւ՝ Արցախին աջակցելու համար

2020-09-27
Image

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը «Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար» խորագրով համազգային դրամահաւաք-արշաւին ընթացք տուած է։ Հաւաքուած է աւելի քան 130 հազար տոլար։

Հիմնադրամը բոլորին կոչ ուղղած է միանալ համահայկական արշաւին։ Նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել հիմնադրամի կայքին միջոցաւ՝ «www.himnadram.org», ինչպէս նաեւ փոխանցումներ կատարելով ՀՀ Կեդրոնական դրամատան յատուկ հաշուեհամարներուն (ՀՀ դրամ, ԱՄՆ տոլար, ՌԴ ռուբլի, Եւրօ հաշուեհամարները նոյն էջին վրայ են):