«Black list». Ճիւան Աւետիսեանը ֆիլմ պիտի նկարահանէ պլոկըր Լափշինի պատմութեան մասին

Յայտնի հայ բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանը սկսած է նոր՝ «Սեւ ցուցակ» («Black list») ֆիլմի աշխատանքները, որ նուիրուած պիտի ըլլայ ռուս-իսրայէլցի պլոկր եւ ճանապարհորդ Ալեքսանտր Լափշինի պատմութեան Ատրպէյճանի մէջ, որ մեծ արձագանգ ստացած էր: Այս մասին ֆէյպուքեան իր էջին գրած է Լափշինը:
Ան նշած է, որ ֆիլմը պիտի պատմէ նաեւ Ալիեւի եւ Լուքաշենքոյի «աղտոտ գործարքի մասին», Ատրպէյճանի իշխանութեան մէջ խարդաւանքներու, իր նկատմամբ կատարած մահափորձի, իսրայէլական զէնքի առեւտուրով զբաղուողներու եւ Ալիեւի ռեժիմի միջեւ կապի եւ այլնի մասին:
Պլոկըրը նաեւ խորհուրդ տուած է դիտել Ճիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ֆիլմը:
Նշենք, որ ֆիլմի հայաստանեան եւ արցախեան առաջին դիտումը կայացած է հոկտեմբերին: Ֆիլմը կը պատմէ, որ գերմանացի լրագրող Ռոպերթ Սթերնուալը (50 տարեկան) 2016-ին կը վերադառնայ Արցախ՝ լուսաբանելու քսաներկու տարուան ընդմիջումէ ետք վերսկսած պատերազմը։
Լրագրողական հետաքննութեան արդիւնքով կը ծանօթանայ երիտասարդ օփերային երգչուհի Սոֆիա Մարթիի (35 տարեկան) հետ։ Ռոպերթի եւ Սոֆիայի յաճախակի հանդիպումները կ'արթնացնեն փոխադարձ սիրոյ զգացում, սակայն կը պարզուի, որ Սոֆիան անյայտ կորած ֆոթոլրագրող Էտկար Մարտիրոսեանի աղջիկն է, որուն 1992-ին՝ Թալիշի անկման օրը, Ռոպերթը թողած է գիւղը՝ գերեւարութեան մէջ, ապա իւրացուցած անոր՝ մարտի դաշտի մէջ առած լուսանկարները...
«Դրախտի դարպասը» ֆիլմին մէջ օփերային երգիչ Ժան Պերնարի կերպարը կը մարմնաւորէ լիթուացի յայտնի դերասան Լէօ Փոպետոնոսցեւասը: