«FlyOne Armenia» ընկերութեան Երեւան-Իսթանպուլ առաջին թռիչքը՝ 2 Փետրուարին
Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած է Փետրուարէն Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային հաղորդակցութեան վերաբացման մասին:
Այսպէս, Փետրուար 2-ին ժամը 19:50 հայկական «FlyOne Armenia» ընկերութիւնը պիտի իրականացնէ Երեւան-Իսթանպուլ առաջին թռիչքը: Նոյն օրը ժամը 23:35-ին թրքական «Pegasus» ընկերութիւնը «Սապիհա Կէօքչէն» օդակայանէն դէպի «Զուարթնոց»՝ Իաթանպուլ-Երեւան թռիչք պիտի կատարէ առաջին անգամ: Երկու ընկերութիւններն ալ կը նախատեսեն շաբաթական երեք թռիչք իրականացնել այս երթուղիով: