Ատրպէյճանը հրետակոծած է Տիգրանակերտի հնագիտական ճամբարը

2020-11-06
Image

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը հրետակոծած են Տիգրանակերտի հնագիտական ճամբարը։ Այդ մասին դիմատետրի իր էջին յայտնած է հնագէտ, Տիգրանակերտի արշաւախումբի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեանը, որ նաեւ լուսանկարներ տեղադրած է:

Ան ահազանգած է Արցախի մէջ մշակութային ցեղասպանութեան մասին։

Արցախի Տիգրանակերտի մէջ պեղումներ կ'իրականացուին 2006 թուականէն: Դեռ 2020-ի օգոստոսին հնագէտներն այնտեղ արժէքաւոր գտածոներ պեղած էին: Ուսումնասիրութեան հարուստ նիւթ յայտնաբերուած էր վաղ քրիստոնէական հրապարակին եւ անթիք թաղամասերուն մէջ: