Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հերթական փառատօնը կը ծրագրեն բռնագրաւուած հայկական Շուշիի մէջ

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հերթական փառատօնը կը ծրագրեն բռնագրաւուած հայկական Շուշիի մէջ:
Ինչպէս յայտնած է haqqin.az-ը, փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 18-24 սեպտեմբերը եւ պիտի կրէ Ուզեիր Հաճիպեկովի անունը: Համերգը պիտի կայանայ բաց երկինքի տակ՝ Ֆիքրեթ Ամիրովի անուան պետական երգի-պարի անսամպլի մասնակցութեամբ եւ ժողովրդական արտիստ Աղավերտի Փաշաեւի ու յայտնի մենակատարներու ղեկավարութեամբ:
Փառատօնին ԱՄՆ-էն եւ Լեհաստանէն սիմֆոնիք երաժշտութեան ներկայացուցիչներու ելոյթներ կը նախատեսուին: