Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ գտնուած Ազնիւ Պաղտասարեանը վերադարձած է Հայաստան. Sputnik Արմենիա

ՀՀ քաղաքացի Ազնիւ Պաղտասարեանը, որուն ատրպէյճանցի զինուորականները ստիպած էին նկարուիլ կեղծ հոլովակի մէջ, վերադարձած է հայրենիք: Պաղտասարեանը Sputnik Armenia-ին պատմած է, որ երեք այլ գերիներու հետ վերադարձած է Հայաստան:
Ան նշած է, որ կը փորձէ յարմարիլ հանգիստ կեանքին, կը շփուի հարեւաններու հետ եւ միաւորուած է իր կատուի` Պուշոկի հետ:
Նշենք, որ Պաղտասարեանը Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մեջ գտնուած է աւելի քան 2 ամիս: