Ատրպէյճանի նախագահը Ղարաբաղի հայերը անուանած է «ատելի թշնամի»

2021-08-31
Image

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, հաւատարիմ երկար տարիներ իր կողմէ իրականացուող հայատեաց քաղաքականութեան, Ղարաբաղի հայերը «ատելի թշնամի» անուանած է։

Ատրպէյճանի ղեկավարը նախապէս ալ չէր թաքցներ իր ֆաշիստական վերաբերմունքը ղարաբաղի հայերու նկատմամբ, ատոր վկայութիւնները բազմաթիւ են` սկսած Ռամիլ Սաֆարովի հրէշաւոր «առաջադրանքէն» մինչեւ 2020-ի աշնան տեղի ունեցած յարձակումէն ետք Պաքուի մէջ «աւարի պուրակի» յայտնուիլը:

Այնուամենայնիւ, բռնագրաւուած Շուշիի մէջ տեղի ունեցած միջոցառման ժամանակ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնը կ'առանձնանայ միւսներու շարքէն: Ատրպէյճանի ղեկավարը ակամայ խոստովանած է, որ որքան կ'ատէ, այդքան ալ կը վախնայ ղարաբաղցի հայերէն:

«Ես անձամբ ընտրեցի նոր հինգաստղանի հիւրանոցի կառուցման վայրը ճիշդ այն տեղը, ուր ատելի թշնամին կը կառուցէր «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանի» շէնքը: Այդ կ'իրականցուէր մեզ ծաղրելու համար: «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն» հասկացութիւն գոյութիւն չունի: Այս շէնքի հիմքը արդէն դրուած էր, նոյնիսկ քարի աշխատանքը կատարուած էր: Իմ յանձնարարութեամբ՝ այս դեւի որջը Շուշիի մէջ ոչնչացուեցաւ»,- ըսած է Ալիեւը:

Նշենք, որ իսլամի մէջ սատանան յատուկ տեղ կը զբաղցնէ՝ Աստծուն գրեթէ հաւասար հակառակորդ ըլլալով: