Ատրպէյճանցիները Շուշիի Կանաչ ժամի տարածքին մէջ ճաշարան կառուցած են
Ատրպէյճանցիները Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ վարչական շէնքը վերածած են խորտկարանի, կը յայտնէ Infoteka24-ը։
Պատերազմի ընթացքին հրետակոծութենէն մեծ վնաս կրած է եկեղեցին։ Գմբէթը ամբողջութեամբ աւեուած էր։
Եկեղեցւոյ տարածքին գտնուող շէնքին մէջ, ուր ատրպէյճանցիները այժմ սրճարան հիմնած են, կարելի էր գնել մոմեր եւ սրբապատկերներ։