Ատրպէյճանցիք զօրամաս պիտի կառուցեն Ջերմուկի սարերուն վրայ. «Փաստինֆո»

2020-12-14
Image

«Փաստինֆո»-ի տրամադրութեան տակ յայտնուած է տեսանիւթ, ուր կ'երեւայ՝ ինչպէս ատրպէյճանական մեծաթիւ զօրքերը կը կուտակուին դեռ չյստակեցուած հայ-ատրպէյճանական սահմանին՝ ըստ տեղեկութիւններու՝ Քելբաջարի մէջ` Ջերմուկի մօտ գտնուող սարերուն մէջ, զօրամաս կառուցելու նպատակով։

Տեսանիւթին մէջ կ'երեւայ, թէ ինչպէս տասնեակ Կամազ մակնիշի բեռնատարները շարուած են, իսկ մի քանի քմ հեռաւորութեան վրայ հայկական կողմը կը հետեւի ատրպէյճանական ԶՈՒ-ի բոլոր գործողութիւններուն։ Ջերմուկցիները կ'ահազանգեն, որ նոր զօրամասը պիտի կառուցուի Ջերմուկէն քանի մը քմ հեռաւորութեան վրայ, ըսել է թէ` Ջերմուկը դարձեր է սահմանամերձ բնակավայր եւ սկսեր են անհանգստանալ իրենց անվտանգութեան համար։

ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչը «Փաստինֆո»-ի հարցին ի պատասխան նորմալ որակած է, որ ատրպէյճանական կողմը իր տարածքին մէջ զօրամասեր կը կառուցէ, որովհետեւ նոյնը կ'ընէ նաեւ ՀՀ ԶՈՒ-ն՝ կը կառուցէ նոր զօրամասեր, կը փորէ խրամատներ։

«Նոյն անվտանգութեան տեսանկիւնից, եթէ լինի փորձ դա դառնում է ՀՀ ԶՈՒ խնդիրը եւ ցանկացած փորձ արժանանալու է կոշտ պատասխանի»,- ըսած է ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչը։