Արթուր Ալեքսանեան դարձաւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի բարի կամքի դեսպան

Ողիմպիական ախոյեան, աշխարհի եռակի, Եւրոպայի քառակի ախոյեան յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանը նշանակուած է ՀՀ-ի մէչ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ազգային դեսպան: Այսօր կայացած է պաշտօնական արարողութիւնը:
Ողիմպիական ախոյեանը պիտի աջակցի ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ին՝ խրախուսելով երեխաներու առողջ ապրելու եւ սնուցման իրաւունքը` առաջնահերթութիւն տալով առաւել խոցելի երեխաներուն: «Ինծի համար մեծ պատիւ է դառնալ բարի կամքի դեսպան: Առաջարկը անմիջապէս ընդունեցի, քանի որ կապուած է երեխաներու ապագային հետ»,- ըսած է Ալեքսանեան: Գիւմրեցի մարզիկը փաստեց, որ ըստ վիճակագրութեան մինչեւ 5 տարեկան երեխաներու 14 տոկոսը բնականէն աւելի շատ կշիռ ունի, իսկ 9 տոկոսը թերսնուած է: «Իւրաքանչիւր երեխայ իր երազանքներուն ու նպատակներուն հասնելու համար նախ պէտք է առողջ ըլլայ` առողջ սնուելով»,-շեշտած է ան:
ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը Հայաստանի մէջ կը գործէ 1994 թուականէն եւ արդէն 25 տարի է, որ կ'աջակցի Հայաստանի կառավարութեան՝ մշակած եւ իրագործած է բարեփոխումներ՝ ուղղուած Հայաստանի երեխաներու իրաւունքներու իրականացման խոչընդոտող բացերու վերացման՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով ամենակարիքաւոր եւ խոցելի երեխաներուն:
Հայ մարզիկներէն բարի կամքի դեսպան է նաեւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի և «Ռոմայի» ֆութպոլիսթ Հենրիխ Մխիթարեանը: