Արծրուն Յովհաննիսեանի ինքնազգացողութիւնը լաւ է

Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը ունեցած է ճնշման տատանումներ, այժմ ինքնազգացողութիւնը լաւ է: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:
«Ան ունեցած է ճնշման տատանումներ եւ այժմ հետազօտութիւն կ'անցնի, ինքնազգացողութիւնը լաւ է»,- ըսած է Ստեփանեանը:
ՊՆ մամուլի խօսնակը հերքած է Յովհաննիեյանի՝ կաթուած տանելու մասին ընկերային հարթակներու վրայ տարածուող տեղեկութիւնները: