Արսէն Մարգարեանը հակառակորդի երկու ՍՈՒ-25 ինքնաթիռ խոցած է. հերոսական դրուագ ռազմաճակատէն

2020-10-05
Image

1 Հոկտեմբերին պաշտպանական մարտերու ընթացքին զօրամասի հրաձիգ-զէնիթահար, շարքային Արսէն Սերյոժայի Մարգարեանը, դրսեւորելով սառնասրտութիւն ու մասնագիտական վարպետութիւն «ԻԳԼԱ» համակարգով հետեւած է պաշտպանութեան շրջանին ռմբակոծութիւն իրականացնող ինքնաթիռներու թռիչքներուն, ճիշդ հաշուարկած եւ նպատակային կրակոցով խոցած է հակառակորդի երկու ՍՈՒ-25 ինքնաթիռ: