Արցախէն բերուած գորգերը «արեւին տալու» արարողութիւն՝ Երեւանի մէջ

18 Յուլիսին, ժ. 12:00-էն Հանրապետութեան հրապարակին կից այգիին մէջ՝ «Վերնիսաժի» հարեւանութեամբ Արցախէն բերուած շուրջ 70 գորգ ու կարպետ փռուած են արեւի տակ, այլ կերպ ըսած՝ տեղի ունեցած է գորգերը «արեւին տալու» արարողութիւն:
Արցախէն բերուած շուրջ 70 հայկական գորգ ու կարպետ «զարդարած» են այգին՝ անցորդները հիացնելով հայկական գորգերու նախշերով ու գոյներով։