Արցախի ղեկավարը այցելած է Մարտունի քաղաքին մէջ վիրաւորուած «Le Monde»-ի թղթակիցներուն

Արցախի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանն այցելած է բուժհաստատութիւն տեսակցելու Ատրպէյճանի զինուժի հրետակոծութենէն Մարտունի քաղաքի մէջ վիրաւորուած «Le Monde»-ի թղթակիցներուն:
Այս մասին Արայիկ Յարութիւնեանը տեղեկացուցած է Ֆեյսպուքի իր էջին՝ հրապարակելով տեսանիւթ:
«Երէկ՝ ուշ երեկոյեան, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի ուղեկցութեամբ այցելած եմ Ատրպէյճանի զինուժի հրետակոծութենէն Մարտունի քաղաքի մէջ վիրաւորուած «Le Monde»-ի թղթակիցներուն` Եաղոպզատէն Ռաֆայէլ Շառլզին եւ Ալան Կաւալին: Մեր բժիշկներու արագ եւ արհեստավարժ աշխատանքի շնորհիւ անոնց կեանքին այեւս վտանգ չի սպառնար»,- նշած է ան: