Արցախի մէջ հրետակոծութեան տակ ինկած են Le Monde պարբերականի լրագրողները

Ֆրանսական Le Monde պարբերականի լրագրողները հրետակոծութեան տակ ինկած են Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ․ այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է «Կառավարութեան տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի ղեկավար Յովհաննէս Մովսիսեանը։
«Կայ երկու վիրաւոր, նախնական տուեալներով երկուքն ալ Ֆրանսայի քաղաքացի»,- գրած է ան: