Աւելի քան 6000 ծառ տնկուած ի յիշատակ ինկած հերոսներու

Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը (FPWC)՝ հաւատարիմ մնալով իր գաղափարներուն, նոյեմբեր ամսուան ընթացքին ձեռնարկած եւ իրականացուցած է ծառատունկ՝ նուիրուած հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ինկած հերոսներու յիշատակին։ Այս ընթացքին FPWC կողմէ աւելի քան 6000 ծառ տնկուած է Վայոց Ձորի եւ Արարատի մարզերուն մէջ։
Յատուկ ընտրուած «թիրախային տնկման հայեցակարգի» (Target Plant Concept/TPC) մեթոտի կիրառմամբ Ուրցաձորի, Հովազաձորի, Մոզրովի տարածքներուն մէջ տնկուած են փշատենիներ, տանձենիներ, նշենիներ։ Տարիներ շարունակ FPWC կողմէ կիրառուող մեթոտի շրջագիծէն ներս ընտրուած են տեղի էնտեմիք (տեղային) բուսատեսակներու սերմեր, սածիլները խնամքով մշակուած են տնկարաններուն մէջ, այսպիսով յարմարեցուելով տարածքին, ուր պիտի տնկուին։ Այս մեթոտի շնորհիւ կ'ապահովուի բոյսերու բարձր կպչողականութիւն։