Բրիտանական «Andair» ընկերութիւնը դադրեցուցած է թրքական «Baykatar» ԱԹՍ-ներու համար բաղադրիչներու մատակարարումը

2021-01-14
Image

Բրիտանական «Andair» ընկերութիւնը դադրեցուցած է թրքական «Baykatar» ԱԹՍ-ներու համար բաղադրիչներու մատակարարումը:

Ընկերութիւնը յայտնած է, որ անցեալ տարի 11 նոյեմբերին իրեն դիմած է Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանը՝ թրքական «Baykar Makina» ընկերութեան մատակարարումները դադրեցնելու խնդրանքով, քանի որ վերջինս կ'օգտագործուէ «Andair»-ի արտադրանքը մարտական ԱԹՍ-ներու վրայ:

Ընկերութենէն նշած են, որ հետաքննութիւն կատարած են՝ պարզաբանելով, որ պնդումը կը համապատասխանէ իրականութեան, եւ որոշում կայացուցած են դադրեցնել մատակարարումներն ու ժամանակաւորապէս դադրեցնել «Baykar Makina»-ի բոլոր պատուէրները: