Դէպի Լեռնային Ղարաբաղ ռուսական զօրքերու տեղափոխումը կը շարունակուի

2020-11-11
Image

Ռուսաստանի ռազմափոխադրային մարմինը Ուլիանովսկէն ուղարկած է ռուս զինուորականներով եւս հինգ Ил-76 օդանաւ՝ մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղապահ առաքելութեան: Այս մասին 11 նոյեմբերին յայտարարած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«11 նոյեմբեր 2020-ին Ուլիանովսկի շրջանի օդակայանէն թռիչք կատարած են ռազմափոխադրային եւս հինգ Ил-76 օդանաւ՝ ռուս խաղաղապահներով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Զինուորական վարչութիւնը պարզաբանած է, որ օդանաւերուն մէջ կը գտնուին Կեդրոնական ռազմական շրջանի 15-րդ առանձին մօտոհրաձգային ջոկատի (խաղաղապահ) ստորաբաժանումներու անձնակազմերը, նիւթական միջոցներ, մեքենաներ եւ յատուկ սարքեր:

Այսօր աւելի վաղ խաղաղապահներու եւս երեք Ил-76 օդանաւ օդ բարձրացած էր: