Դպրոցներու անձնակազմը «Քորոնա» Ժահրի քննութիւն պիտի յանձնէ. շուրջ 30 000 անձ պիտի հետազօտուի

Նախքան դպրոցներու գործունէութեան մեկնարկը, դպրոցի անձնակազմը (մանկավարժական եւ վարչական) պիտի հետազօտուին։ Այս մասին կը յայտնեն ԿԳՄՍ նախարարութենէն:
Քննութիւն պիտի չյանձնեն միայն այն ուսուցիչները, որոնք, առողջական վիճակէն ելլելով, հեռավար պիտի իրականացնեն դասերը։
Կը նշուի, որ հետազօտման ենթակայ են շուրջ 30 000 անձ: