Եուրի Ճորքայէֆը Սուրբ Ծննդեան տօնի կապակցութեամբ հիւրընկալած է խումբ մը արցախցի երեխաներ (լուսանկարներ)

2021-01-08
Image

Յանուն Հայաստանի բարի կամքի դեսպան, աշխարհահռչակ հայազգի ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայէֆը ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեանի եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի հետ Սուրբ Ծննդեան տօնի կապակցութեամբ «SoftConstruct» ընկերութեան մէջ հիւրընկալած է խումբ մը արցախցի երեխաներ։

ԿԳՄՍ նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանի նախաձեռնած միջոցառման ընթացքին երեխաները հետաքրքիր ժամանակ անցուցած են եւ նուէր ստացած  «tablet»ներ՝ հեռավար կրթութեան արդիւնաւէտ մասնակցելու համար:

Նշուած է, որ աշխարհահռչակ ֆութպոլիստը երեխաներուն հետ զրոյցի ժամանակ խօսած է կրթութեան կարեւորութեան մասին՝ ընդգծելով, որ այն ամենահզօր զէնքն է, իսկ կրթուած հասարակութիւնը՝ հզօր պետութեան գրաւականը:

«SoftConstruct» ընկերութեան աշխատակիցներն ալ երեխաներուն ներկայացուցած են ՏՏ նորարարական շարք մը լուծումներ, միաժամանակ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է մասնագիտութեան ընտրութեան գործին մէջ ՏՏ արհեստագիտութիւններով հետաքրքրուածներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ։