Ես Հայաստանի հետ եմ եւ կ՚աղօթեմ անոնց համար, որոնք սահմանին են. Քիմ Քարտաշեան

2020-07-17
Image

Աշխարհահռչակ հեռուստաաստ Քիմ Քարտաշեան Tweeter-ի իր էջին աջակցութիւն յայտնած է Հայաստանին քննադատած է Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի դէմ:

«Հակառակ շարունակուող համաշխարհային համավարակին` Ատրպէյճան խախտած է ՄԱԿ-ի համաշխարհային հրադադար հաստատելու կոչը եւ յարձակում գործած Հայաստանի վրայ: Հայաստանի մէջ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները թիրախաւորուած է, եւ Ատրպէյճան այժմ կը սպառնայ հարուածել Հայաստանի մէջ գտնուող կորիզային ելեկտրակայանը»,- գրած է ան Twitter-ի իր story-ին մէջ:

Ան նշած է, որ միեւնոյն ժամանակ ԱՄՆ Քոնկրէսը յաջորդ շաբաթ պիտի քննարկէ Ատրպէյճանին սպառազինութիւններու մատակարարումը եւ ռազմական աջակցութիւնը արգելիլու օրինագիծը:

«Միջազգային հանրութիւնը պէտք է միջամտէ,  օգտագործէ քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցները՝ կանխելու աւելորդ լարուածութիւնն ու մարդկային կեանքի կորուստը: Ես իմ հայրենակիցներուս հետ եմ եւ կ՛աղօթեմ անոնց համար, որոնք երկրին մէջ վերջին լարուածութեան ընթացքին սահմանին են»:

Ան յորդորած է համավարակի այս` արդէն իսկ բարդ պայմաններուն մէջ խաղաղ հանգուցալուծել իրավիճակը:

«Կը խնդրեմ ձեր ծերակուտականներուն եւ ներկայացուցիչներուն կոչ ըրէք աջակցելու Հայաստանին»,- եզրափակած է Քարտաշեանը: