Երեք ամսուայ մէջ Վանի Աղթամար կղզի այցելած է 15 հազար զբօսաշրջիկ
2022 թուականի առաջին եռամսեակին Վանի Աղթամար կղզի այցելած է շուրջ 15 հազար զբօսաշրջիկ:
Կը նշուի, որ զբօսաշրջիկներու շարքին եած են ինչպէս տեղացիներ, այնպէս ալ օտարերկրացիներ:
Այս օրերուն Վանի Աղթամար կղզին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած են Նովրուզը տօնելու համար Վան այցելած իրանցի զբօսաշրջիկներուն:
Նշենք, որ Վանի մէջ զբօսաշրջային աշխոյժ շրջան կը համարուին ամրան ամիսները, երբ հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ'այցելեն կղզի: