Երկրաշարժ՝ Ջերմուկ քաղաքին մերձ

2021-01-19
Image

18 Յունուարին, տեղական ժամանակով ժամը 18:12-ին (Կրինիչի ժամանակով ժամը 14:12-ին) ՀՀ ԱԻՆ Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 39.80⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 45.55⁰ աշխարհագրական չափագրումներով՝ Հայաստան, Վայոց ձորի մարզի Ջերմուկ քաղաքէն 10 քմ արեւմուտք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 1,9 ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԻՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 2-3 աստիճան:

Երկրաշարժը զգացուած է Վայոց ձորի մարզի Հերհեր եւ Կարմրաշէն գիւղերուն մէջ՝ 2-3 աստիճան ուժգնութեամբ: