Երկրաշարժ Շիրակի մարզին մէջ

2019-11-14
Image

13 Նոյեմբերին, տեղական ժամանակով ժամը 19:35-ին ԱԻՆ Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 40.990 եւ արեւելեան երկայնութեան 43.900 աշխարհագրական չափագրումներով (Հայաստան՝ Աշոցք գիւղէն 6 քմ հարաւ-արեւելք), օճախի 10 քմ խորութեամբ, 1.9 ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԻՆ լրատուական ծառայութիւնը։

Կենդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 2-3 աստիճան:

Երկրաշարժը զգացուած է Զոյգաղբիւր գիւղին մէջ՝ 2 աստիճան ուժգնութեամբ: