Զգուշացուցէք  Թուրքիային` դադրեցնելու զէնք եւ մարտիկներ ուղարկել Պաքու. Քարտաշեան

2020-09-28
Image

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակի կտրուկ սրման կապակցութեամբ իր Twitter-եան էջին յայտնի հեռուստաստղ Քիմ Քարտաշեան գրառում կատարած է:

«Կոչ ըրէք Պաքուին դադրեցնելու ուժի կիրառումը, դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու Ատրպէյճանին տրուող ռազմական օգնութիւնը, որ կ՛օգտագործուի հայերու դէմ եւ զգուշացուցէք  Թուրքիային` դադրեցնելու զէնք եւ մարտիկներ ուղարկել Պաքու»,-գրած է Քարտաշեան:

Ան շեշտած է` պէտք են միջազգային դիտորդներ, որ ուսումնասիրեն եւ միջազգային քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցառումներու կոչ ընեն` կանխելու անհարկի սրացումն ու ողբերգութիւնը: Քարտաշեան յղում տեղադրած է եւ խնդրած, որ ատով Ատրպէյճանի յարձակումը կանխելու համար Սպիտակ տան եւ Քոնկրեսին կոչ ընեն:

«Արցախի մէջ հայերը յարձակման ենթարկուած են: Մենք կ՛աղօթենք խիզախ տղամարդոց եւ կանանց համար, որոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը `պաշտպանելու Արցախը եւ  Հայաստանը»,-շեշտած է Քարտաշեան: