Զոհուած կին զինծառայող Յասմիկ Արզումանեանը ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ կը ծառայէր 2014 թուականէն

Պաշտպանութեան բանակը հրապարակած է ատրպէյճանական յարձակումը ետ մղելու ընթացքին զոհուած 31 զինծառայողի անունները։
Անոնցմէ մէկը կին է` Արզումանեան Յասմիկ Սմբատի, 1985-ի ծնունդ:
Կրտսեր սերժանթ Յասմիկ Արզումանեանը ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ կը ծառայէր 2014 թուականէն: Աւելի վաղ հրապարակուած «Ուսադիրներով կանայք» շարքին մէջ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Յասմիկ Արզումանեանի մասին գրած էր.
«Հրամանատարական կազմի գնահատմամբ ծառայութեան ընթացքին իրեն կը դրսեւորէ որպէս գրագէտ, բանիմաց եւ կարգապահ զինծառայող:
Ծառայակիցները յատկապէս կը կարեւորեն կազմակերպչական մեծ ջիղը, որուն շնորհիւ կրտսեր սերժանթը բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ կը հեղինակէ»: