Ըստ Fitch կազմակերպութեան Հայաստան դրական ցուցանիշներ ունի

2019-11-25
Image

«Ֆիթչ» վարկանշային կազմակերպութիւնը 2019թ. նոյեմբեր 22-ին մէկ մակարդակով բարձրացուցած է Հայաստանի կառավարութեան արտարժոյթով եւ ազգային արժոյթով երկարաժամկէտ պարտաւորութիւններու թողարկման վարկանիշները՝ «B+»-էն դարձնելով «BB-»՝ «կայուն» հեռանկարով:


Բացի վարկանիշէն, «Ֆիթչ»-ը մէկ մակարդակով բարձրացուցած է նաեւ արտարժոյթով եւ ազգային արժոյթով երկարաժամկէտ պարտատոմսերու թողարկման Հայաստանի վարկանիշներու վերին սահմանաչափը: Այսպէս, արտարժոյթով եւ ազգային արժոյթով երկարաժամկէտ պարտատոմսերու թողարկման վերին սահմանաչափը գնահատուած է «BB», որու շնորհիւ Հայաստանի մասնաւոր հատուածի ձեռնարկութիւններն ու ֆինանսական հաստատութիւնները «Ֆիթչ»-ի կողմէ վարկանշուելու պարագային արտարժոյթով եւ ազգային արժոյթով պարտատոմսերու համար կրնան ստանալ երկրի  (BB-) վարկանիշէն մէկ մակարդակ բարձր՝ (BB) վարկանիշ:

Արտարժոյթով եւ ազգային արժոյթով կարճաժամկէտ պարտաւորութիւններ թողարկողի վարկանիշը վերահաստատուած է «B» մակարդակով:

Հայաստանի վարկանիշի բարձրացման որոշումը հիմնուած է «Ֆիթչ»-ի այն գնահատականներուն վրայ, որ Հայաստանի հիմնարկները նպաստած են խաղաղ եւ սահուն քաղաքական անցման, որոնք առաւել պիտի ամրապնդուին կառուցուածքային բարեփոխումներու միջոցով: Կառավարութիւնը հաստատած է կայուն մաքրոտնտեսական քաղաքականութիւն վարելու եւ կառուցուածքային բարեփոխումներ իրականացնելու, այդ շարքին՝ փտածութեան եւ մենաշնորհներու դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ հիմնարկները եւ կառավարման համակարգը ուժեղացնելու իր յանձնառութիւնը:

«Ֆիթչ»-ի կողմէ «BB-» վարկանիշ ունեցող երկիրներու շարքին են Յունաստանը, Թուրքիան, Պրազիլը, Յորդանանը, Ուզպեքստանը, Պահրէյնը, Տոմինիքեան Հանրապետութիւնը, Պոլիւիան եւ Պանկլատեշը: