Թանքեան դէմ է Ամուլսարի հանքի շահագործման

Երեխաներիդ կերակրելու համար պէտք չէ թոռներդ սպանես: Այս մասին ֆէյսպուքեան ուղերձով ըսած է աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեանը՝ աջակցութիւն յայտնելով Ամուլսարի հանքի շահագործման դէմ քաղաքացիական բողոքի արշաւին:
«Մենք գիտենք, որ հանքերը հարատեւ վնաս կը հասցնեն բնական միջավայրին՝ անկախ անկէ, թէ ինչ տիպի հանք է, որքան լաւ կը վերահսկուի հանքի գործունէութիւը աղտոտիչներու առումով: Այն, ամէն պարագայի, հարատեւ վնաս պիտի հասցնէ բնական միջավայրին: Մանաւանդ բաց հանքերը, ինչպէս առաջարկուած է Ամուլսարի պարագային, ուր պիտի օգտագործուին պայթուցիկներ եւ այլն:
Ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ աղտոտիչները չեն թափանցեր ջրային աւազաններ: Հանքերու ստեղծած վտանգը հարատեւ է, իսկ անոնց հակադրուող օգուտն է՝ աշխատատեղերու ստեղծումը՝ ժամանակաւոր, ինչը պատճառ դարձած է, որ շարք մը արդիւնաբերական երկիրներու մէջ հրաժարին հանքարդիւնաբերութենէն կամ ալ էականօրէն կրճատեն շահագործուող հանքերու քանակը:
Բնիկ ամերիկացիները կ'ըսէին՝ երեխաներդ կերակրելու համար պէտք չէ թոռներդ սպանես: Այսինքն՝ կարճատեւ օգուտի համար կարելի չէ վնասել բնութիւնդ, երկիրդ, ժողովուրդդ: Այս է պատճառը, որ ես դէմ եմ հանքարդիւնաբերութեան ընդհանրապէս եւ Ջերմուկի մօտ «Լիտիան» ընկերութեան կողմէ Ամուլսարի հանքի շահագործման՝ մասնաւորաբար»,- նշած է Թանքեանը: