Թորոնթոյի մէջ պաստառ պիտի բարձրանայ «թաւշեայ յեղափոխութեան» նուիրուած «Մենակ չեմ» ֆիլմը

Թորոնթոյի միջազգային շարժանկարի փառատօնին, 7 Սեպտեմբերին, պիտի ցուցադրուի Կարին Յովհաննիսեանի «Մենակ չեմ» ֆիլմը՝ հայկական յեղափոխութեան մասին: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին գրառում կատարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Ֆիլմի երաժշտութիւնը գրած է Սերժ Թանքեանը: Ֆիլմը իսկապէս շատ լաւ պատրաստուած է, եւ կը կարծեմ՝ կ'ունենայ միջազգային յաջողութիւն՝ մեծցնելով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ճանաչելիութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ»,- գրած է ՀՀ վարչապետը: