Թուրքիոյ մէջ լրագրողը Twitter-ի գրառման համար 7 ամսուան ազատազրկման դատապարտուած է

2021-03-17
Image

Թրքական դատարանը լրագրող Հաքան Այկիւնը դատապարտած է եօթ ամսուան ազատազրկման՝ ընկերային ցանցին մէջ գրառում կատարելու համար, կը հաղորդէ Diken-ը:

Այկիւնը դատապարտուած է պայմանական պատիժի այն բանէն ետք, երբ մեղաւոր ճանչցուած է «թշնամանք կամ ատելութիւն հրահրելու» եւ «կրօնական արժէքները վիրաւորելու» մէջ՝ 2020-ի մարտին Twitter-ի էջին իր գրառման պատճառով, որուն մէջ ան Ղուրանէն տողերը ձեւափոխելով ծաղրած է համավարակի ժամանակ կառավարութեան օգնութիւն տրամադրելու արշաւը:

2020-ի 2 ապրիլին Այկիւնը այս գրառման համար բերման ենթարկուած է եւ յաջորդ օրը ձերբակալուած, իսկ մայիսին անոր ազատ արձակած են:

Լրագրողը դիմած է Սահմանադրական դատարան, որ անցեալ տարի Այկիւնի իրաւունքները ոտնահարելու մասին որոշում կայացուցած է, եւ անոր որպէս փոխհատուցում վճարուած է 40 000 լիրա (5334 տոլար):

Լրագրողն ըսած է, որ թուիթի գործով դատարանի վճիռը պիտի բողոքարկէ: