Թուրքիոյ պետական համալսարանի փրոֆեսըրը հրապարակած է «Մեծ Հայք»ի եւ «Փոքր Հայք»ի քարտէզը

2022-01-14
Image

Անգարայի պետական համալսարանի Պատմութեան եւ աշխարհագրութեան բաժանմունքի փրոֆեսըր Պիւլէնթ Իփլիքչիօղլուն իր Facebook-ի էջին վրայ հրապարակած է Պեռլինի մէջ տպուած պատմական քարտէզ մը, ուր  առանձնանշուած են Մեծ Հայքը (Armenia) եւ Փոքր Հայքը (Armenia Minor), որոնք կը զբաղցնեն այժմեան Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքներուն զգալի մասը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ermenihaber»ը։

Ուշագրաւ է, որ նշեալ փրոֆեսորի  Facebook-ի ետնանկարին վրայ պատկերուած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի լուսանկարը:

Թուրք փրոֆեսըրին կողմէ յիշեալ քարտէզին անկաշկանդ հրապարակումը եղած է Հելլենիզմի ժամանակաշրջանի եւ Հռոմէական կայսրութեան թեմաներուն անդրադառնալու ծիրէն ներս: Այդուհանդերձ Մեծ եւ Փոքր Հայքերը ներառող քարտէզին հրապարակումը թուրք փրոֆեսորէն պիտի որ պահանջէր մասնագիտական խիզախութիւն։ Որովհետեւ ինչպէս արդէն գիտենք անցեալի փորձէն, Թուրքիոյ մէջ լայն հասարակութիւնը, յատկապէս ազգայնական շրջանակներն ու նոյն հոսանքի մամուլը բաւական զգայուն են նմանատիպ դէպքերու նկատմամբ։ Պատմական Հայաստանի տարածքներուն հանդէպ ցաւագին եւ յարձակողական ընկալումները Թուրքիոյ մէջ կը դրսեւորուին յաճախակի կերպով։

Բառացիօրէն վերջերս աղմուկ բարձրացած էր լրատուամիջոցներուն կողմէ ու տարածուած նաեւ հասարակական ցանցերով՝ ամերիկեան «Netflix» ընկերութեան պատմական ժանրի դրուագաշարին մէջ օգտագործուած քարտէզին պատճառով, ուր «ARMENIA» բառը ներկայացուած էր ներկայ Թուրքիոյ արեւելեան տարածքներուն վրայ։

Եւ այս ծիրէն ներս ուշագրաւ է, որ Facebook-ի վրայ շուրջ 5000 հետեւորդ ունեցող վերոնշեալ թուրք փրոֆեսըրի հրապարակած քարտէզը առ այս պահը չէ յառաջացուցած քննադատական արձագանգներ: Աւելին՝ անոր գրառումն ու կից քարտէզը տարածուած են նաեւ հասարակական ցանցային այլ հարթակներու վրայ եւ մասնագիտական խումբերու մէջ, արժանացած հաւանումներու եւ դրական արձագանգներու։