Թրքական «Pegasus» ընկերութիւնը Երեւան-Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքներ իրականացնելու յայտ ներկայացուցած է

Թրքական «Pegasus» ընկերութիւնը դիմած է ՀՀ քաղաքացիական օդագնացութիւն` Երեւան–Իսթանպուլ թռիչք իրականացնելու յայտով։
Այս մասին յայտնեց ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի մամուլի քարտուղար Սոնա Յարութիւնեանը։
«Այո՛, թրքական «Փեկասուս»ը դիմած է Փետրուարէն սկսեալ շաբաթական երկու թռիչք իրականացնելու յայտով», ըսաւ ան։
Թէ երբ պիտի կայացուի որոշումը, Սոնա Յարութիւնեանը չյստակացուց` տեղեկացնելով, որ Քաղաքացիական օդագնացութիւնը ներկայիս կ'ուսումնասիրէ յայտը։
Նշենք, որ մինչ այդ թրքական կողմը յայտարարած էր, որ Երեւան-Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքներ իրականացնելու համար յայտ ներկայացուցած է մէկ թրքական ու մէկ հայկական ընկերութիւն։
30 Դեկտեմբերին յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օդագնացութեան իշխանութիւնները թոյլատրած են «Flyone Armenia» ընկերութեան շաբաթական 3 չարթըրային չուերթ իրականացնել Երեւան-Իսթանպուլ-Երեւան երթուղիով: