Թրքական մամուլը՝ Փամուքի mասին. «Յայտարարեց, որ թուրքերը 1 միլիոն հայ կոտորած են ու Նոպէլեան մրցանակ ստացաւ»

2022-04-07
Image

Թրքական լրատուամիջոցները անդրադարձած են հայ հասարակութեան քաջ յայտնի թուրք գրող Օրհան Փամուքի ամուսնութեան թեմային: Բայց աւելի շատ շեշտած են այն հանգամանքը, որ Փամուքը ժամանակին զուիցերիական «Das Magazin» ամսագիրին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած էր, որ թուրքերը կոտորած են 1 միլիոն հայ։

«Ու անկէ ետք անոր շնորհուած է Նոպէլեան մրցանակ»,- գրած է «Yeni Cag» թերթի ելեկտրոնային կայքը:

Նշենք, որ Փամուքը 2006-ին արժանացած է Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի։ Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են աշխարհի աւելի քան 50 լեզուներով, նաեւ՝ հայերէն։

Փամուքը օրինականացուցած է Պողազիչի համալսարանի Միջազգային քաղաքականութեան բաժանմունքի շրջանաւարտ Ասլը Աքեաւաշի հետ արդէն 10 տարի ունեցած յարաբերութիւնները եւ Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանի համայնքապետարանին մէջ արձանագրած իրենց ամուսնութիւնը:

Փամուքի կինը 2002 թուականին կրթական ծրագրի մասնակցած է ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ: Թուրքիոյ մէջ զբաղցուցած է առողջապահութեան ոլորտի ղեկավար պաշտօններ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ ազգայանական շրջանակները Օրհան Փամուքին կը վերաբերին թշնամաբար, քանի որ ան խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ մեղադրելով թուրքերը 1 միլիոն հայ եւ 30 հազար քիւրտ կոտորելու մէջ: