Իլհամ Ալիեւ տեղանուանական պատերազմ սկսած է Հայաստանի հետ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը սեփական երկրի ԶԼՄ-ներուն կոչ ըրած է օգտագործելու Հայաստանի բնակավայրերու ատրպեճանական անուանումները:
Ատրպէյճանի ղեկավարը տեղանուանական զաւթողագործութեան գործընթացը սկսած է Վարդենիսէն: «Այս ճանապարհը (Ալիեւը կը գտնուի գրաւեալ Քարվաճառի մէջ) կը տանի դէպի Պասարկեչերի շրջան: Այն Հայաստանի մէջ կը կոչուի Վարդենիսի շրջան: Բայց այս շրջանի եւ մարզի իսկական անուանումը Պասարկեչեր է»,-ըսած է Ալիեւը:
Ետքը Ալիեւ կեղծ պատմական փաստեր յիշատակած է` յայտարարելով «հնագոյն ատրպեճանական հողի» եւ այն մասին, որ «բնակիչներու բացարձակ մեծամասնութիւնն ատրպէյճանցիներ էին»: