Իկտիրի հայկական պատմական տուները կ'ոչնչանան

2021-10-14
Image

Իկտիրի մէջ գտնուող հայկական պատմական տուները կը վերանան անխնամ վիճակի մէջ ձգուած ըլլալու հետեւանքով։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, հաղորդած են թրքական լրատուամիջոցները։

Աղբիւրին համաձայն՝ Իգդիրի Սիողիւթլիւ թաղամասին մէջ, 19-րդ դարուն կառուցուած տուները կ՝ապրին իրենց վերջին օրերը։ Այդ պատմական կառոյցներէն մէկուն պատուհանին վերի հատուածը զետեղուած է 1908 թուագրուած արձանագրութիւն մը։

Կը նշուի, թէ «հայկական տուներ» անուան տակ յայտնի շինութիւնները վերածուած են աղբակոյտի, իսկ տուներու պատերուն գրութիւններ եղած են։

Իկտիրի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրինութիւնը 2013-ին՝ քաղաքի պատմական տուները պահպանման տակ վերցնելու նպատակով՝ արձանագրած էր 12 տուն, սակայն մինչ օրս որեւէ աշխատանք չէ ձեռնարկած այդ ուղղութեամբ։

Akunq.net