Ինչպիսի՞ն կ'ըլլայ 2021-ին դրամի փոխարժէքը տոլարի նկատմամբ. Փորձագէտի կանխատեսումը

ԵԱՏՄ երկիրներու ազգային արժոյթները կը մնան թերագնահատուած: Այս մասին Մոսկուա-Երեւան-Մինսք-Պիշքեկ-Նուր Սուլթան տեսակամուրջի ժամանակ ըսած է Կայունացման եւ զարգացման եւրասիական հիմնադրամի երկիրներու վերլուծութեան կեդրոնի ղեկավար Ալեքսէյ Քուզնեցովը:
Անոր խօսքով՝ 2021 թուականին ռուբլիի փոխարժէքը պիտի ըլլայ 74,5 ռուբլի մէկ տոլարի դիմաց:
«Ինչ կը վերաբերի հայկական դրամին, ապա այն պիտի կազմէ 495 դրամ մէկ տոլարի դիմաց»,-աւելցուցած է փորձագէտը:
Նշենք, որ Արցախի մէջ պատերազմէն ետք տոլարի փոխարժէքը բարձրացած է գրեթէ 20 դրամով (9%):