ԼՂ-ի մէջ ռուս խաղաղապահ ուժերը ականազերծած են 250 հեքթար տարածք․ ՌԴ ՊՆ (լուսանկարներ)

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Միջազգային հակաականային կեդրոնի մասնագէտները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծած են շուրջ 250 հեքթար տարածք, աւելի քան 95 քիլոմեթր ճանապարհ եւ 423 բնակելի տուն, կը հաղորդէ ՌԴ ՊՆ-ն։
Գերատեսչութեան հաղորդմամբ՝ յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է աւելի քան 8,3 հազար պայթուցիկ նիւթ:
Նշուած է, որ ԼՂ-ի մէջ պայթունավտանգ առարկաներէն տարածքի ականազերծման եւ մաքրման ընթացքին ռուս խաղաղապահները կը կիրառեն ժամանակակից ռոպոթաթեխնիքական համալիրներ, որոնք լեռնային տեղանքի եւ եղանակի վատթարացման պայմաններուն թոյլ կու տան պահպանել ականազերծման գործի ընթացքը: